Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըԵղեւին (լատին․՝ Picea), մեծ ծառ, կը պատկանի սոճազգիներու ընտանիքի մշտադալար, ասեղնատերեւ ծառերու ցեղին։ Տարածուած է Եւրոպայի, Ասիոյ, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի մէջ։ Կ'աճի կաւային եւ աւազակաւային հողերու մէջ։ Գոյութիւն ունի աւելի քան 40 տեսակ (այլ տուեալներով՝ 50): Հայաստանի մէջ կ'աճի չորս տեսակ։ Տարածուած են յատկապէս սովորական կամ եւրոպական եւ արծաթափայլ եղեւինները։ Ծառը կարեւոր նիւթ է շինարարութեան փայտի եւ թուղթի արտադրութեան համար։ Կ'օգտագործուի նաեւ լարային գործիքներ պատրաստելու համար: Բնիկ ամերիկացիներէն ոմանք այս ծառին արմատները օգտագործած են զամբիւղ գործելու։ Նորվեկիա եղեւինը լայնօրէն կ'օգտագործէ Ս. Ծննդեան տօնածառը զարդարելու համար։ Արուեստագէտներ ԺԶ.-էն ԺԸ. դարերուն ընթացքին, եղեւինի պատկերներ նկարազարդած են իւղաներկ նկարներու մէջ․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 13 304-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 13 304 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝


